Wednesday, May 1, 1985

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Մատներ երկար, պարող, գինով,
ալիքներու սահանքներով
սողացող վեր,
սարդոստայնեան
պարանոցի մը վրայ կիթառի:


Մատներ լեցուն կնճիռներով,
քրտնած, տձեւ ... բայց գեղեցիկ,
յոգնած, սակայն միշտ ժպտացող:


Մատներ թաւիշ, լոյսի աղբիւր,
արեւ եւ սէր ճառագայթող,
շոյող, այրող ինչպէս պատրոյգ:


Մատներ ծառ, ճիւղ, ծաղիկ, պտուղ,
արմատացած հոգիի մէջ,
սնող՝ մանկան մը հայեացքով,
երկինք ուղղուած
որպէս բռունցք մը աղօթքի:

Մատներ, եղունգները խոփի վերածած,
հողը խմող:
Հիւսուած գրիչի, վրձինի հետ՝
ծնելու համար միտքի
նեկտար մը խենթ:

. . .

Մանր մատներ, ձեռք մը ամբողջ,
դեռ նորածին, հեւքով լեցուն,
կառչած յոյսով մատի մ'ուրիշ:


Ուինիբէկ, մայիս 1985