Saturday, February 22, 1986

ԷՌՈԹԻՔՈՆ - Մեծարենցեան

Մասունք մը լեզուէդ հիմա ըլլայի,
Փակէի քիմքիդ, ուրիշ քիմքերու,
Փաթթուէի յետոյ այլ լեզուներու,
Սողապարելով մոլուցք մ'օձային:

Ըլլայի կորը ողորկ ստինքիդ
Թրթռայի ես հեւքով մը դալար
Շիկանայի հպումով ափերու խելառ
Երբ մագլցին ճամբով կաթի ակունքիդ:

Ապա ըլլայի սրունքիդ բաժին,
Դիտէի վարը, հովիտը թաւուտ,
Նոյնիսկ շփուէի կրքոտ զիստերուդ,
Փարէի սիրոյդ հիւթեղ ակօսին . . .

Քեզի հետ մէկտեղ, ես՝ դո'ւն ըլլայի . . .
Քեզի հետ մէկտեղ, ես՝ զի'ս գիտնայի:


Մոնթրէալ Փետրուար 1986