Sunday, May 15, 1988

ՍԷՐ ԳԻՐԻ ԵՒ ԳԻՐ ՍԻՐՈՅ

Կը կարդա՞ս տողս:
Էջեր ու երկեր
չեմ շինած թէեւ,
Բայց կեանքի տող մը
ունիմ ըսելիք:


Կը կարդա՞ս տաղս:
Ձայներ ու երգեր
չեմ շարած թէեւ,
Բայց խինդի տաղ մը
ունիմ երգելիք:



Անցկութեամբ այրող
տաղերու տողեր,
կը սպասեն տակաւ,
հայեացքիդ շունչին
... որ կենդանանան:



Իսկ հեքիաթները
հոգիիս գիրքին,
կ'ուզեն թերթատուիլ
մատներուդ շոյքով:



* * *


Ա՜խ, ես կ'ուզէի,
այն բառերն ըլլալ
որ դուրս կը ժայթքին
յոյզի խորերէդ,



Ու երբ շարուէի ես ի'մ ետեւէս
կ'ըլլայի քառեա՜կ,
Բանաստեղծութի՜ւն:


Կրէի պիտի, ե'ս ինձմէ' յետոյ,
Անունիդ բոյրը՝
... Ստորագրութի՜ւն ...



Եւ քո'ւ ընդմէջէդ
քե'զ պիտ' զգայի:


* * *


Կը կարդա՞ս տողս:
Կը կարդա՞ս տաղս:



Մոնթրէալ, 15 Մայիս 1988