Friday, November 22, 1985

ԷՌՈԹԻՔՈՆ - Շնորհալիական

Աչքերէդ ետք,
Ակունք որպէս ապագայի,
Մօտենալով մարմնիդ մերկ՝
Մշակն ըլլալ կ'ուզեմ մաշկիդ:

Լեզուս՝ լողորդ լոյսի ճամբով,
փարող լեզուիդ աղուլեղի,
Վազող՝ վիզիդ փոսիկին մէջ,
վար կը սահի հաճոյք դէպի:

Ծաղիկ ծիծերդ երբ կը ծագին
հորիզոնին վրայ ծարաւ՝
ծիածնածին շոյումներու
ծփանքներ է որ կը ծորան:

Պահանջելու կու գամ կրկին
պտուղ պորտէդ:
Պահ մը նոյնիսկ հետը անոր,
պարել նորեն լեզուովս այս խենդ:

Շեմին սակայն՝ երբ շուրթերուդ
ես կը շարժիմ շշնջալու թարմ աղերսներ,
շողեր շինող զգացում մը
կը զառանցէ հեւքով շքեղ:

ու Սրունքներդ դեռ կը սոսկան,
սարսուռներէն ալ երկուքիս:
Սնող սիւներ կարծես ըլլան,
պահող տանիքն ու կուռքերը սուրբ մեհեանիս:

Ոտքերդ որբ չեն այլեւս.
հողին կապուած, արմատացած են անոնց մատներն ալ:
Ոգիներու որդիի պէս՝
բաւարարուած կը սկսիմ . . . ոռնա՜լ:


Ուինիբէկ, Հոկտեմբեր եւ Մոնթրէալ, Նոյեմբեր 1985